image

Թուրքիան դուրս մնացած է Հնդկաստան- Մերձ.Արեւելք- Եւրոպա նախագիծէն. Թուրք լրագրող

Թուրքիան դուրս մնացած է Հնդկաստան- Մերձ.Արեւելք- Եւրոպա նախագիծէն. Թուրք լրագրող

Թուրք լրագրող, Մերձաւոր Արեւելքի մասնագէտ Իպրահիմ Վարլըն ընդդիմադիր ուղղուածութեամբ «Diken» կայքին մէջ հրապարկած է յօդուած, ուր անդրադարձած է Թուրքիոյ ներկայիս վիճակին ու արտաքին քաղաքականութեան։

«Ուշագրաւ է եւ միանգամայն իմաստալից այն հանգամանքը, որ Թուրքիան, որ կը փորձէ «աշխարհաքաղաքականութիւն վաճառելով» խաղի կանոն թելադրել ուքրանական պատերազմի հետ առաջացած նոր հաւասարման մէջ, շրջանցուած է Հնդկաստան-Մերձաւոր Արեւելք-Եւրոպա միջանցքին մէջ։

Մինչ ԱԶԿ-ական (Արդարութիւն եւ զարգացում կուսակցութիւն) նախագահ Էրտողանը կը սեղմէ «յեղաշրջում ընող Սիսիի» ձեռքը եւ կեցուածք կ'ընդունի, Թուրքիոյ՝  Մումպայէն Համպուրկի նաւահանգիստ ձգուող միջանցքէն դուրս մնալը կարեւոր յուշումներ կու տայ նոր դարաշրջանի աշխարհաքաղաքական հաւասարման մասին»։

Էրտողան իր զայրոյթն արտայայտած է նախագիծի վերաբերեալ՝ ըսելով. «Առանց Թուրքիոյ միջանցք չկայ եւ չնայած ան կ'ըսէ՝ «Արեւելքէն արեւմուտք երթեւեկութեան համար ամենայարմար գիծը պէտք է անցնի Թուրքիոյ տարածքով», աշխարհաքաղաքական իրողութիւնը այլ բան կ'ըսէ»,- գրած է Վարլըն։

Այնուհետեւ յօդուածի հեղինակը վկայակոչած է «Yetkinreport.com» կայքի լրագրող Մուրատ Եէթքինը, որ ըսած է, որ սա դեռ 2018-ին որոշուած նախագիծ էր, այլ ոչ թէ G20-ի գագաթնաժողովին մէկանգամէն «խելքերնուն փչեց» իրագործել։

Հեղինակը եզրափակած է յօդուածը այն համոզմամբ, որ այս իրավիճակը կապուած է Ռուսիոյ հետ Անգարայի ռազմաքաղաքական-տնտեսական յարաբերութիւններու հետ։ Թէեւ Միացեալ Նահանգները առաջուան նման հզօր չէ, այն դեռ զօրաւոր է եւ յստակ ուղերձ կու տայ Թուրքիոյ՝ դուն այստե՞ղ ես մեր հետ, թէ՞ այնտեղ ես։

Եէթքինի խօսքով՝ նախագիծն աւարտած չէ, եւ Միացեալ Նահանգները բաց դուռ թողած է Թուրքիոյ համար։ Ատոր համար ալ Անգարան պէտք է կատարէ իր ընտրութիւնը։