Պայթումը տեղի ունեցած է Թուրքիոյ հիւսիսը գտնուող հանքահորին մէջ, փլատակներու տակ աշխատողներ կան, յայտնած է CNN Turk-ը։
«Ըստ հրատապ լուրերու՝ յայտնի դարձած է, որ Պարթինի Ամասրա շրջանի հանքահորին մէջ պայթում տեղի ունեցած է։ Շտապօգնութեան բազմաթիւ մեքենաներ ուղարկուած են։ Կը հաղորդուի, որ գետնի տակ աշխատողներ կան»,-ըսուած է հեռուստաալիքի հաղորդագրութեան մէջ։