image

Թշնամին կրակած է Կութ գիւղի վրայ. Կան վնասներ

Թշնամին կրակած է Կութ  գիւղի վրայ. Կան վնասներ

Երէկ երեկոյեան՝ 27 Օգոստոսին, ատրպէյճանական զինուժը կրակ բացած է Գեղարքունիքի մարզի Կութ սահմանամերձ գիւղի ուղղութեամբ՝ թիրախաւորելով քաղաքացիական բնակչութեան: Տեղեկութիւնը «Արմէնփրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ հաստատած է Կութ համայնքի ղեկավար Սիմա Չիտչեանը՝ նշելով, որ հակառակորդը կրակած է մարդոց տուներու վրայ՝ վնասելով տանիքները:

«Մի քանի տանիք է ծակուել, մի քանի տան պատերն են քերծուել: Փառք Աստծոյ, ուրիշ վնաս չի եղել», - «Արմէնփրես»-ին ըսած է Կութի համայնքապետը՝ աւելցնելով, որ իր տպաւորութեամբ՝ թշնամին դիտաւորեալ գիւղի ուղղութեամբ կը կրակէր:

Չիտչեանի խօսքով՝ կրակոցները եղած են 22:00-էն 23:00-ն ինկած ժամանակահատուածին: Բարեբախտաբար, այդ ժամուն դուրսը ոչ ոք եղած է եւ բնակիչներէն որեւէ մէկը տուժած է: Կրակած են հրաձգային տարբեր զինատեսակներէ՝ ինքնաձիգ, գնդացիր: Ատկէ ետք կրակոցներ կամ այլ միջադէպեր չեն եղած:

Այս պահուն ընդհանուր վիճակը գիւղին մէջ, Սիմա Չիտչեանի խօսքով, հանգիստ է:

 

Կութ համայնքը Գեղարքունիքի սահմանամերձ գիւղերէն է, որ տեղակայուած է Սոթք գիւղի հարեւանութեամբ՝ դէպի Քարվաճառ տանող ճանապարհին: Կութը կը մտնէ Գեղամասար խոշորացուած համայնքի մէջ: Վերջին ամսուան ընթացքին հայ-ատրպէյճանական սահմանի այս հատուածին մէջ պարբերաբար կրակոցներ եւ միջադեպէր կ'ըլլան: