image
Հրատապ լուրեր:

Թրքական ընկերութիւնը որոշած է երեք «Պայրաքթար»ներ նուիրել Ուքրանիոյ

Թրքական ընկերութիւնը որոշած է երեք  «Պայրաքթար»ներ նուիրել Ուքրանիոյ

Թրքական Baykar Makina ընկերութիւնը յայտարաած է, որ մտադիր է երեք Bayraktar TB2 անօդաչու թռչող սարք (ԱԹՍ) անվճար փոխանցել Ուքրանիոյ։

«Գործարարներ ու հասարակ մարդիկ մի քանի օրուայ ընթացքին մեծ ու փոքր միջոցներ ներդրած են այս նպատակին հասնելու համար։ Baykar-ը վճար պիտի չընդունի TB2-ի համար եւ երեք անօդաչու թռչող սարք անվճար պիտի ուղարկէ ուքրանական ճակատ», նշած է ընկերութիւնը։

Անցեալ շաբաթ Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի պաշտպանական արդիւնաբերութեան բաժնի ղեկավար Իսմայիլ Տեմիրը յայտարարած էր, որ երկիրը աւելի զգուշաւոր է Ուքրանիոյ զէնքի մատակարարման հարցով։ Հարցին՝ կը շարունակէ արդեօ՞ք Թուրքիան զէնք մատակարարել Ուքրանիոյ, մասնաւորապէս՝ Bayraktar TB-2 անօդաչու սարքեր, Տեմիր ըսած էր, որ ինչ-որ բան կը կատարուի։ Ուքրանացի եւ թուրք պաշտօնեաները չեն մեկնաբանած Bayraktar TB-2 անօդաչու թռչող սարքերու հետագայ մատակարարումները: