image

Թրքական լիրան պիտի շարունակէ գահավիժիլ. Commerzbank

Թրքական լիրան պիտի շարունակէ գահավիժիլ. Commerzbank

Թրքական լիրան մինչեւ Մարտ պիտի հասնի պատմական նուազագոյն ցուցանիշի՝ մէկ տոլարի դիմաց 11-ի, քանի որ Կեդրոնական դրամատունը կը նախատեսէ հետագային նուազեցնել տոկոսադրոյքները «դրամավարկային քաղաքականութեան վտանգաւոր փորձարկման» շրջանակներուն մէջ: Այդ մասին յայտնած է Commerzbank-ի վերլուծաբան Թախա Ղոսը:

Երկուշաբթի օրը լիրան հասած է մրցանշային նուազագոյնի՝ 9.85 տոլար՝ այս տարի կորուստները հասցնելով գրեթէ 25 տոկոսի: Անկէ յետոյ այն քիչ մը վերականգնուած է՝ Հինգշաբթի մէկ տոլարի դիմաց 9.52 տոլար մակարդակով:

Թուրքիոյ Կեդրոնական դրամատունը վերջին երկու ամսուան մէջ նուազեցուցած է իր հենանիշային տոկոսադրոյքը 3 տոկոսային կէտով՝ մինչեւ 16 տոկոս՝ չնայած գնաճի արագացման՝ գործելով նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողանի՝ փոխառութիւններու ծախսերը նուազեցնելու յանձնարարականով։

Էրտողանը կ'ըսէ, որ ցած տոկոսադրոյքները կ'օգնեն նուազեցնել գնաճը, որ մօտ 20 տոկոս կը կազմէ:

Commerzbank-ը յայտարարած է, որ Կեդրոնական դրամատան փաստարկը, որ գնաճը ժամանակաւոր է, կիրառելի չէ Թուրքիոյ համար, որ աւելի քան մէկ տասնամեակ բարձր գնաճ կ'ապրի: «Անընդհատ արժեզրկուող լիրան հիմնական մեղաւոր ճանչցուած է», ըսած է Ղոսը: «Լիրայի արժեզրկման այս վերջին փուլը նաեւ գնաճի բարձրացման պիտի յանգեցնէ եւ գնաճի եւ փոխարժէքներու ծանօթ պարոյրին պիտի դիմէ, որ, ամենայն հաւանականութեամբ, ի վերջոյ տոկոսադրոյքներու կրճատման պիտի յանգեցնէ եւ պիտի ստիպէ դարձեալ բարձրացնել տոկոսադրոյքները»: