image

Թրամփ կոչ ըրած է Իսրայէլին զգոյշ ըլլալու Քաթարի հարցով

Թրամփ կոչ ըրած է Իսրայէլին զգոյշ ըլլալու Քաթարի հարցով

Իսրայէլը պէտք է զգոյշ ըլլայ Քաթարի հարցով՝ երկուշաբթի լրագրողներուն ըսած է ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփը։

«Ես կ՚ուզեմ, որ անոնք շատ-շատ զգոյշ ըլլան: Անոնք պէտք է ինչ-որ բան ընեն «Համաս»-ի հետ, բայց Քաթարը միշտ եղած է Միացեալ Նահանգներու հաւատարիմ դաշնակիցը»,-ըսած է ան՝ պատասխանելով լրագրողի հարցին, թէ արդեօք ան ուղերձ ունի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուին՝ կապուած Քաթարի մէջ «Համաս»-ի առաջնորդներու վրայ Իսրայէլի հարուածներու հետ։

Սեպտեմբեր 9-ին Իսրայէլը հարուածած է Տոհայի մէջ «Համաս»-ի ղեկավարութեան ներկայացուցիչներու համար նախատեսուած շէնքին։ Շարժումը յայտարարած է, որ իրենց ղեկավարութեան բոլոր աւագ անդամները ողջ մնացած են հարուածէն, սակայն 6 մարդ զոհուած է, այդ շարքին՝ «Համաս»-ի գլխաւոր բանակցող Խալիլ ալ Հայիի որդին։