image

Պրազիլիոյ մէջ. «Երիտասարդաց Ձայն» երգչախումբը կը պատրաստուի նոր համերգաշարի

Պրազիլիոյ մէջ.  «Երիտասարդաց Ձայն» երգչախումբը կը պատրաստուի նոր  համերգաշարի

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպիսկոպոս Պէրպէրեան իր հոգեւոր ծառայութեան 30 տարիներուն ընթացքին աշխատած է երիտասարդներուն հրամցնել հոգեւոր եւ ազգային-հայրենասիրական գաղափարներ, զանոնք աւելիով մասնակից դարձնելու թեմական, ներթեմական աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն:

Պրազիլիոյ մէջ կը բնակի շուրջ 40 հազար հայ, հիմնականին մէջ կեդրոնացած Սան Փաուլոյի եւ շրջակայ քաղաքներուն մէջ: Պրազիլահայ համայնքը կը ղեկավարուի իր կանոնադրութեամբ, համայնքի ազգային-հոգեւոր կեանքը՝ կը կազմակերպեն եկեղեցական, հայրենակցական, բարեգործական, մշակութային, կրթական եւ մարզական կազմակերպութիւնները:

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլիոյ Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպիսկոպոս Պէրպէրեան իր հոգեւոր ծառայութեան 30 տարիներուն ընթացքին աշխատած է երիտասարդներուն հրամցնել հոգեւոր եւ ազգային-հայրենասիրական գաղափարներ, զանոնք աւելիով մասնակից դարձնելու թեմական, ներթեմական աշխատանքներուն ու ծրագիրներուն:

Ստորեւ կը ներկայացնենք Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպիսկոպոս Պէրպէրեանի, օրերս կատարած գրառումը Պրազիլիոյ «Երիտասարդաց Ձայն» երգչախումբին մասին:

“A Voz Dos Jovens” «Երիտասարդաց Ձայն» երգչախումբը սկսած է իր փորձերուն եւ Սուրբ Վարդանանց տօնին առիթով կը պատրաստուի համերգ մը ներկայացնելու Հինգշաբթի, 27 Փետրուարին, տարբեր ելոյթներ պիտի ունենայ այս տարուան ընթացքին:

Կ’ուզենք այս առիթով յատուկ շնորհակալութիւն յայտնել դաշնակահարուհի՝ Տաթեւիկ Միքայելեան Եկիներեանին՝ մեր երգչախումբի երրորդ տարեդարձին առիթով պատրաստած գեղեցիկ կարկանդակին համար, ինչպէս նաեւ ուրախութեամբ բարի գալուստ կը մաղթենք մեր հինգ նոր անդամներուն որոնք միացան երգչախումբի մեծ ընտանիքին:

  Այս մէկը հիանալի առիթ է մեր երիտասարդներուն զօրանալու հաւատքի մէջ, ամրապնդելու համայնքին հետ անոնց կապերը եւ արտայայտելու նուիրուածութիւն երաժշտութեան միջոցով:

 

Լուրը՝ «Արեւելք»

 

ի