image

«Թալեպ»ներէն կոչ Աֆղանիստանի բոլոր բոյժքոյրերուն

«Թալեպ»ներէն կոչ Աֆղանիստանի բոլոր բոյժքոյրերուն

«Թալեպան» արմատական շարժումը կոչ ըրած է Աֆղանիստանի առողջապահական ոլորտի աշխատակցուհիներուն վերադառնալու աշխատանքի։ Խոստացած է, որ չի խոչընդոտեր անոնց պարտականութիւններու կատարման։

«Իսլամական էմիրութեան կողմէ աշխատանքային որեւէ խոչընդոտ ի յայտ չի գար»,-ըսուած է շարժման ներկայացուցիչ Զապիհուլլա Մուճահիտի տարածած յայտարարութեան մէջ։

 

Աւելի վաղ թալեպները յայտարարած էին, որ աֆղան կին պետական ծառայողներն ապագային՝ համապատասխան կանոններու մշակումէ ետք, կրնան անցնիլ իրենց պարտականութիւններու կատարման։