image

Թաղավարդի ուղղութեամբ կրակոցներ եղած են

Թաղավարդի ուղղութեամբ կրակոցներ եղած են

Արցախի Հանրապետութեան Թաղավարդ գիւղի ուղղութեամբ 2 կրակահերթ եղած է, որոնք ճիշդ գիւղի ուղղութեամբ չեն արձակուած, այդքանով ամէն բան աւարտած է։ Այս մասին NEWS.am-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատուութեան գլխաւոր վարչութեան պետ Վահրամ Պօղոսեանը։

Թէ օրուայ որ ժամերուն ատրպէյճանական կողմը խախտած է հրադադարն ու կրակահերթեր արձակած, Պօղոսեանը չէ յստակեցուցած՝ զերծ մնալով մեկնաբանելէ։

Հարցին՝ արդեօ՞ք Թաղավարդի հատուածին մէջ տեղակայուած են ռուս խաղաղապահ ուժեր, Պօղոսեանը յայտնած է՝ խաղաղապահները գիւղէն բաւական հեռու կը գտնուին։

«Ռուս խաղաղապահները կոնկրետ Թաղավարդից բաւական հեռու են գտնուում, բայց այդ շրջանում, ընդհանուր առմամբ, կան ուժեր»,- յայտնած է Պօղոսեան։