Այսօր Տեղերու Սուրբ Աստուածածին վանքին մէջ կատարուեցաւ ծնունդով տեղերցի, ՀՀ ՊՆ N զօրամասի ժամկէտային զինուոր, շարքային 19-ամեայ Վահէ Մանասէրեանի հոգեհանգստեան կարգը:
Նշենք, որ Վահէ Մանասէրեանը զոհուած էր Դեկտեմբեր 10-ին ՀՀ արեւելեան ուղղութեամբ (Գեղարքունիքի մարզ) Ատրպէյճանի Զինուած Ուժերու ստորաբաժանումներու ձեռնարկած նախայարձակ գործողութիւններուն դիմակայելու ընթացքին։ Վահէն պիտի զօրացրուէր 2 ամիսէն, տան միակ որդին էր, ունի իրմէ մեծ 2 քոյր:
Վահէ Մանասէրեանի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը՝ Դեկտեմբեր 12-ին, ժամը 13:00-ին:
