Հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիսարեւելեան հատուածին մէջ երէկ մահացած յայտնաբերուած ժամկէտային զինուոր Սուրէն Աւետիսեանը բանակ զօրակոչուած էր 2021 թուականի Փետրուարին: Ան կը ծառայէր Տաւուշի մարզին մէջ, դէպքը տեղի ունեցած է Կոթի գիւղի ուղղութեամբ տեղակայուած մարտական յենակէտին մէջ, ուր ան հերթապահութիւն կ'իրականացնէր: Սուրէնի մտերիմները առայժմ չգիտեն, թէ ճիշդ ինչ հանգամանքներու մէջ մահացած է Սուրէնը:
Անոր ընկերներէն մէկը պատմեց, որ Սուրէնը ընտանիքին հետ խօսած էր նախօրէին, որեւէ բանէ չէր բողոքած: Սուրէն Աւետիսեանը Երեւանէն էր, ունէր իրմէ փոքր քոյր եւ եղբայր:
Նշենք, որ հայ-ատրպէյճանական սահմանի հիւսիարեւելեան հատուածին տեղակայուած յենակէտին մէջ յայտնաբերուած էր ժամկէտային զինուոր, շարքային Սուրէն Ռոմանի Աւետիսեանի դին՝ գլխու հրազենային վիրաւորումով:
Պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ դէպքին հանգամանքները լիարժէք պարզելու համար քննութիւն կը կատարուի: