image
Հրատապ լուրեր:

Հարաւային Կովկասի մէջ ցանկացած աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն անընդունելի է. Իրանի դիւանագիտութեան պետ

Հարաւային Կովկասի մէջ ցանկացած աշխարհաքաղաքական  փոփոխութիւն անընդունելի է. Իրանի դիւանագիտութեան պետ

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հոսէյն Ապտըլ Լահիանն անդրադարձած է հայ-ատրպէյճանական սահմանին առկայ լարուածութեան՝ շեշտելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւնը վերականգնելու անհրաժեշտութիւնը:

«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ ինչպէս յայտնած է իրանեան IRNA գործակալութիւնը, Իրանի Արտաքին գործոց նախարարն այդ մասին խօսած է Իրանի մէջ Ռուսիոյ Դաշնութեան դեսպան Լեւան Ճաղարեանի հետ հանդիպման, որ կ'աւարտէ դիւանագիտական առաքելութիւնն Իրանի մէջ:

Ապտըլ Լահիան մատնանշելով Հարաւային Կովկասի տարածաշրջանին մէջ վերջին ռազմական լարուածութեան՝ ընդգծած է վէճերը խաղաղ ճանապարհով կարգաւորելու անհրաժեշտութիւնը:

Իրանի ԱԳ նախարարը յայտարարած է, որ տարածաշրջանի իւրաքանչիւր աշխարհաքաղաքական փոփոխութիւն անընդունելի է Իրանի համար՝  ընդգծելով կովկասեան տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան վերականգնման փորձի անհրաժեշտութիւնը։