29 Հոկտեմբերին ՀՀ Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան հիւրընկալած է Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս Մինասեանը: Շնորհաւորելով Հոգեւոր Տէրը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարք ընտրուելու առթիւ՝ Ալէն Սիմոնեան մաղթած է յաջողութիւններ բարձր եւ աստուածահաճոյ առաքելութեան մէջ:
Զրուցակիցները քննարկած են աշխարհասփիւռ հայերուն եւ Հայ կաթողիկէ համայնքին վերաբերող հոգեւոր, կրթական եւ հայրենիքի հետ կապը աւելի սերտացնելու միտուած հարցեր: Անդրադարձ եղած է լիբանանահայ համայնքի խնդիրներու լուծման ուղղությամբ Հայաստանի ընելիքներուն:
Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնած է հիւրընկալութեան համար՝ ՀՀ ԱԺ նախագահին եւ Ազգային ժողովին մաղթելով արդիւնաւէտ գործունէութիւն: