image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիոյ կառավարական ուժերը կը վերահսկեն Հալէպի զգալի մասը

Սուրիոյ կառավարական ուժերը կը վերահսկեն Հալէպի զգալի մասը

Սուրիական բանակն աւարտած է Հալէպի Շէյխ Մաքսուտ թաղամասին մէջ մաքրման գործողութիւնները, որ կը նշանակէ, որ կառավարական ուժերը կը վերահսկեն քաղաքի զգալի մասը, այդ շարքին՝ նախապէս քրտական ուժերու կողմէ վերահսկուող տարածքները։ Այս մասին գրած են արեւմտեան լրատուամիջոցները։

Աւելի վաղ Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ քիւրտերու հետ քանի մը օր տեւած կատաղի բախումներէն ետք Հալէպի մէջ հրադադար հաստատուած է։ Սուրիական կառավարական բանակի եւ քրտական ուժերու միջեւ բախումներու ընթացքին զոհուած է առնուազն 21 մարդ։

Կ՚ակնկալուէր, որ ըստ Սուրիոյ նոր իշխանութեան հետ ձեռք բերուած համաձայնութեան՝ քրտական ուժերը պէտք է համարկուին սուրիական բանակին մինչեւ 2025 թուականի վերջ։ Սակայն վերջին օրերուն կողմերը զիրար մեղադրեցին գործարքը ձախողելու համար։