Սուրիացի մեծ երգիչ (արմատներով Հալէպէն), արաբական ազգագրական երգի լաւագոյն մեկնաբաններէն համարուող Սապահ Ֆախրի այսօր առաւօտ իր մահկանացուն կնքեց։
«Արեւելք» այս մասին տեղեկացաւ սուրիական աղբիւրներէ։
Կը նշուի, որ Ֆախրի (88 տարեկան) ունէր առողջական լուրջ խնդիրներ ու այդ պատճառով ալ փոխադրուած էր հիւանդանոց, ուր եւ փակեց իր աչքերը։
Բուն անունով Սապահ Ապու Գոս, ծնած էր Հալէպ եւ երգի ասպարէզ մտնելէ կարճ ժամանակ մը անց դարձած արաբական երգարուեստի հալէպեան ոճի ՝ (յայտնի «Քուտուտ Հալապիյէ» անունով) ամենամեծ վարպետը։
Ոչ միայն իր հրաշալի ձայնով այլ բեմին վրայ երկար ժամերով երգելու ունակութեամբ Ֆախրի կը յաջողէր դառնալ արաբական աշխարհի փնտռուած անուններէն մին։
Վաղ 60-ականներէն ի վեր սուրիական ու ապա նաեւ արաբական մեծ բեմերուն վրայ իր հետքը թողած ու ներկայութիւնը պարտադրած Սապահ Ֆախրի կը համարուի արաբական ոսկեդարու ամենակարեւոր անուններէն մին։
Ան Լիբանանցի Ուատիֆ Սաֆիի, Եգիպտացի՝ Ում Քալթումի, Ֆարիտ Աթրաշի, Ապտըլ Հալիմ Հաֆէզի, Ապտըլ Ուահապի եւ իրաքցի՝ Նազէմ Ալ Ղազալիի եւ Իլհամ Մատֆահիի կողքին ու շնորհիւ իր ախոժալուր ձայնին դարձաւ սիրուած անուն եւ մեծ աստղ։
Սուրիոյ պետութեան կողմէ բարձր պատիւներու եւ շքանշաններու արժանացած Ֆախրի, անդամ էր Սուրիոյ արուեստագէտներու միութեան եւ ժամանակ մըն ալ ան վարած էր այդ սենտիքային նախագահի պաշտօնը
Սուրիական հայրենիքին եւ արաբական դատին հանդէպ անդաւաճան մնացած Սապահ Ֆախրիի մահը յուզումի մեծ ալիք յառաջացուցած է, ոչ միայն Սուրիոյ այլ նաեւ ամբողջ արաբական աշխարհին մէջ։
Ֆախրի պիտի յուղարկաւորուի իր շատ սիրած քաղաք Դամասկոսի մէջ, ուր կայք հաստատած էր վերջին տասնամեակներուն։