Կիպրոսի Հանրապետութեան մէջ 5 յուլիսին Հայաստան-Յունաստան-Կիպրոս եռակողմ պաշտպանական խորհրդակցութիւններու ժամանակ ստորագրուած է եռակողմ ռազմական համագործակցութեան տարեկան ծրագիրը։
Ինչպէս յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութենէն, տարեկան ծրագիրը կ'ընդգրկէ շարք մը միջոցառումներ Հայաստանի, Յունաստանի եւ Կիպրոսի մէջ։
Խորհրդակցութիւններու ընթացքին քննարկուած են երեք երկիրներու հետաքրքրութիւններու շրջածիրէն ներս գտնուող անվտանգային շարք մը խնդիրներ եւ համագործակցութեան հարցեր։
«Կողմերը վերահաստատել են իրենց պատրաստակամութիւնը՝ համատեղ քայլեր ձեռնարկելու երեք երկրների պաշտպանունակութեան եւ ռազմական անվտանգութեան ամրապնդման ուղղութեամբ»,–ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։
Խորհրդակցութիւններու աւարտին պատուիրակութիւնները ընդունած է նաեւ Կիպրոսի Հանրապետութեան Ազգային պահակախումբի հրամանատար, զօրավար-լեյտենանտ Տիմոքրիթոս Զերվաքիսը։