image
Հրատապ լուրեր:

«Ստեղծել փոխադրութեան համար յատուկ քարտ» Շահէ Մինասեանի առաջարկը

 «Ստեղծել փոխադրութեան համար յատուկ քարտ» Շահէ Մինասեանի առաջարկը

Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի («Մաժլէս Մուհաֆազա») հայ անդամ ՝ Շահէ Մինասեան օրերս ուշագրաւ առաջարկով մը հանդէս եկած է։ 

 

 Այս մասին  «Արեւելք»   իմացաւ համացանցէն։

 

 Ըստ ներկայաուցած առաջարկին նահանգապետարանը պէտք է ստեղծէ երթեւեկութեան համար նախատեսուած ելեկտրոնային քարտեր, որոնք տարբեր առումներով ալ օգտաշատ գործ կրնան կատարել։

 Ըստ Մինասեանի, այդ քարտերը օգտակար պիտի ըլլայ, որպէսզի վարորդները տարբեր սակագիներու հիմամբ չգործեն ու նաեւ առիթ տան քաղաքացիներուն որպէսզի նուազագոյնի հասցընեն թղթադրամներու օգտագործումը։

 

 Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Հալէպի Նահանգային Խորհուրդի անդամ Շահէ Մինասեան  համայնքային յայտնի գործիչ է ու պատասխանատու պաշտօններ վարած է Հալէպը պատուհասած արիւնալի պատերազմի ամենադժուար օրերուն։