Ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի համար 90 միլիոն դրամ արժողութեամբ BMW 750Li xDrive LCI դասի ինքնաշաժ ձեռք պիտի բերուի։ Որոշումը ընդունուեցաւ կառավարութեան Նոյեմբեր 25-ի նիստին՝ չզեկուցուող հարցերու փաթեթով։
Որոշման նախագիծի հիմնաւորմամբ՝ ԱԺ աշխատակազմին կողմէ կ'իրականացուի Ազգային ժողովի նախագահին սպասարկող (BMW 750Li 2011թ արտադրութեան) ծառայողական ինքնաշարժի պետական գոյքի կառավարման կոմիտէին յանձնելու գործընթացը, քանի որ նշուած ինքնաշարժի ընթացիկ թեքնիք սպասարկումը դարձած է ծախսատար, եւ անոր շահագործման ու պահպանման համար ֆինանսական միջոցներու յատկացումները այլեւս արդիւնաւէտ ու նպատակայարմար չեն։