image

Շատ պիտի ուզէինք, որ Պոլսահայ երիտասարդները գան Հայաստան . Սեւան Գապաքեան

Շատ պիտի ուզէինք, որ Պոլսահայ  երիտասարդները   գան Հայաստան . Սեւան Գապաքեան

2003 թուականէն ի վեր գործող «Դէպի Հայք» հիմնադրամ կազմակերպութեան նպատակն է, զարգացնել եւ ամրապնդել հայրենիքի ու սփիւռքի երիտասարդներուն միջեւ կապերը,  վերջիններուս հնարաւորութիւն տալով մասնակցիլ Հայաստանի առօրեայ կեանքին: «Դէպի Հայք»ը սփիւռքահայ երիտասարդներուն կ'առաջարկէ հայերէնի անվճար դասընթացքներ, շրջապտոյտներ, համաժողովներ, եւ այլ դիւրիւթիւններ ներառեալ դէպի Հայաստան ճանապարհածախսի փոխհատուցում:

Հիմնադրամի տնօրէն՝ Սեւան Գապաքեան «Ժամանակ»ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է կազմակերպութեան կատարած աշխատանքներուն եւ սփիւռքահայ երիտասարդներուն դէպի Հայաստան հետաքրքրուածութեան մասին: Ան անդրադարձած է նաեւ Թուրքիայէն հայ երիտասարդութեան մասնակցութեան թիւին մասին, որ քիչ է ու ըսած,- «Ես այդ մեղքին մեծ մասը մեր վրայ կը վերցնեմ: Թերեւս պէտք եղած աշխատանքը չենք տարած, անհրաժեշտ կերպով չենք տեղեկացուցած «Դէպի Հայք»ի մասին», Գապաքեան նաեւ աւելցուցած է թէ «մարզական, մշակութային կարգ մը ծրագիրներով թերեւս կու գան Հայաստան, բայց մեր նպատակն է, որ նաեւ մե՛ր ծրագրին մասնակցին: Կամուրջներ պէտք է ստեղծենք մեր ու իրենց միջեւ, գտնենք Պոլսոյ մէջ կազմակերպութիւններ, որոնք կրնան ներկայացնել մեր ծրագիրը, թերեւս նաեւ մեր կողմէն նշանակուած անձ մը պէտք է ունենալ հոն, որպէսզի այս տեսակ ծրագիրներով զբաղի: Ես շատ կ'ուզէի, որ պոլսահայերը գան Հայաստան «Դէպի Հայք» ծրագրով»:

 

Գապաքեան նշած է, որ «Պոլսահայ երիտասարդութիւնը եւ առհասարակ բոլորը, մեր ծրագրին պէտք է նային լիովին ապաքաղաքական իմաստով: Տասը օրուան զբօսաշրջութեան գալը կամ ճամբարով, խումբով այցելելը շատ լաւ է, բայց բոլորովին ուրիշ բան է այս ծրագրով հոս մնալ տասը շաբաթ կամ տասը ամիս, լման ուրիշ հնարաւորութիւն է հասկնալու նախ՝ Հայաստանը, ապա դուն քեզ: Ինքնաճանաչման ճանապարհը շատ կարեւոր ճանապարհ է, անկախ անկէ, թէ Իսթանպուլ կ'ապրիս, Ֆրանսա կամ ԱՄՆ. մարդուն անձնական արժէքը կը բարձրանայ ինքնաճանաչման ճանապարհով»:

Գապաքեան մասնաւորապէս շեշտած է, որ  քաղաքական որեւէ նպատակ պէտք չէ փնտռել «Դէպի Հայք»ի ծրագիրներուն մէջ: «Այդ ազատութիւնը կայ շատ բնական պայմաններու մէջ որոշելու, որ ըսենք, ես, իբրեւ անձ, ծնած եմ Պոլիս, բայց հայկական ծագում ունիմ, հոն կայ երկիր մըն ալ, որուն հետ ազգակցական կապ ունիմ, երթամ նայիմ՝ այդ ի՞նչ է, հո՛ն ի՞նչ կայ: Երթամ հոն վարժութիւն, հմտութիւն գտնեմ»,- ըսած է Գապաքեան ու շարունակած,- «Հայաստանը հիմնականօրէն, տարածուած մասնագիտութիւններու գծով, մրցունակ է, զոր օրինակ՝ Պերլինի հետ: Սփիւռքահայ երիտասարդը քիչ ծախսով ունի այդ հնարաւորութիւնը: Ինչո՞ւ պոլսահայերը ետ պիտի մնան այս ամէն ինչէն»:

Հիմնադիր տնօրէնը ըսած է, թէ ներկայիս, երկրի անվտանգութեան հանգամանքը նկատի առնելով հիմնադրամի ծրագիրներու ու աշխատանքի բնոյթը փոփոխութիւն կրած է: «Հայաստանը սիրելը եւ Հայաստանի մասին մտածելը այլ բան է, իսկ Հայաստանի համար աշխատիլը՝ այլ բան»,- ըսած է ան,- «Անվտանգութեան հրամայականը այսօր պէտք է ըլլայ իւրաքանչիւր անձի նախապատուութիւնը»:

Գապաքեան կարեւորած է երիտասարդներու տարած կամաւոր աշխատանքը Հայաստանի մէջ ու մատնանշած, թէ պատերազմէն ետք ալ կազմակերպութիւնը անխափան աշխատած,- «Հոկտեմբերին՝ պատերազմին յաջորդ ամիսը, դիմորդներու մեծ թափ սկսանք տեսնել: Այդ ընթացքին եկողներէն հոս մնացողներ կան արդէն: Ընդհանրապէս, կամաւորութենէն ետք հոս մնացողները կ'աւելնան: Ես շատ կարեւորութիւն կու տամ կամաւորութեան՝ Հայաստանի համար այս դժուարին շրջանին»:

Հիմնադրամի 18 տարիներու  յաջողութեան մասին ան ըսած է,- «Մեր ամենամեծ յաջողութիւնը այն է, որ մեր աչքին առջեւ անձի փոփոխութիւն տեղի կ'ունենայ եւ այդ մէկը գործնական արդիւնքներ կու տայ: Իւրաքանչիւր փորձառութիւն աշխատանքի արդիւնք է»: 

Իսկ այն հարցին թէ արդեօք կը սպասէ հրաշքի մը հայ ժողովուրդի կեանքէն ներս, ան մասնաւորապէս պատասխանած է, թէ հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ ամէն դրական արդիւնք եղած է շնորհիւ տքնաջան եւ երկարաժամկէտ աշխատանքի: «Ընդհանրապէս, աղէտն է, որ շատ արագ կը պատահի, իսկ արարումը ժամանակ կ'ուզէ, գերլարում պէտք է: Մեզի կը մնայ աչքը չհեռացնել նպատակէն, նպատակասլաց ըլլալ, անկախ հանգամանքներէն, բայց դէպի այդ նպատակը երթալու մարտավարութիւնը միշտ պէտք է փոփոխական ըլլայ»: 

 

 

 Նիւթը՝ Պոլսոյ «Ժամանակ» օրաթերթէն