ՀՀ գլխաւոր դատախազի խորհրդական Գոռ Աբրահամեան իր ֆէյսպուքեան էջով տեղեկացուցած է, որ ՀՀ Գլխաւոր դատախազութիւնը իր մշտադիտարկման միջոցով վեր հանած եւ ուսումնասիրութեան առարկայ դարձուցած է այսօր մամուլին մէջ առկայ՝ Պաշտպանութեան նախարարութեան մօտ պատերազմին վերաբերող փաստաթուղթերու, հրամաններու կեղծման մասին Ս. Բաբայեանի յայտարարութիւններուն վերաբերեալ հրապարակումները:
Անոնք անպայման պիտի ուղարկուին հետաքննութեան մարմնին՝ այդ հրապարակումներուն մէջ ներկայացուող հանգամանքները ստուգման առարկայ դարձնելու եւ ըստ արդիւնքներուն ընթացքը որոշելու յանձնարարութեամբ: