20 Յուլիսին ԱԳ նախարարի պարտականութիւնները կատարող Արմէն Գրիգորեանն ընդունած է Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցչութիւններու ղեկավարները։ Այս մասին կը տեղեկանանք ԱԳՆ-էն։
Հանդիպման առանցքային թեման Հայաստանի ինքնիշխան տարածքի հանդէպ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւններու հետեւանքով ստեղծուած իրավիճակն էր, մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանի զինուած ուժերու ներխուժումը Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի մարզեր, ինչպէս նաեւ վերջին մէկ շաբթուան ընթացքին լարուածութեան նոր օճախի ստեղծումը ՀՀ Արարատի մարզին մէջ՝ Երասխ բնակավայրի ուղղութեամբ։
Հանդիպման ընթացքին Արմէն Գրիգորեանը նշած է, որ այդ գործողութիւններուն զուգահեռ պաշտօնական Պաքուն հանդէս կու գայ Հայաստանի դէմ տարածքային եւ պատմական կեղծ պահանջներով, որոնք յստակօրէն կը մատնանշեն Ատրպէյճանի զաւթողական նկրտումները Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքի հանդէպ։
Այս շրջածիրէն ներս Արմէն Գրիգորեանը յատուկ ընդգծած է. «Հայաստանի Հանրապետութիւնը եւ ողջ հայ ժողովուրդը չի հանդուրժելու իր իրաւունքների նման խախտումներ։ Այսօր ՀՀ Զինուած ուժերը լիարժէքօրէն կատարում են Հայաստանի տարածքային ամբողջականութիւնը երաշխաւորելու իրենց պարտականութիւնները։ Հայաստանը գործի է դնելու իր ռազմաքաղաքական ողջ գործիքակազմը՝ համագործակցելով նաեւ համապատասխան երկկողմ եւ բազմակողմ ձեւաչափերով»։
Արմէն Գրիգորեանն ընդգծած է, որ Հայաստանը կ'ակնկալէ միջազգային գործընկերներու յստակ արձագանգը Ատրպէյճանի կողմէ միջազգային իրաւունքի նմանօրինակ ոտնահարումներուն։