image
Հրատապ լուրեր:

Ռուսթաւի քաղաքին մէջ բացուած է Վրաստանի մէջ ՀՀ առաջին պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակը

Ռուսթաւի քաղաքին մէջ բացուած է Վրաստանի մէջ ՀՀ առաջին պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակը

Դեկտեմբեր 19-ին Վրաստանի Ռուսթաւի քաղաքին մէջ տեղի ունեցած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան առաջին պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակի բացման արարողութիւնը։ Այս մասին կը տեղեկանանք Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան դիմատետրեան էջէն։

Միջոցառման ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած են Վրաստանի մէջ ՀՀ դեսպան Աշոտ Սմբատեանը, Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տէր Կիրակոս եպիսկոպոս Դաւթեանը, Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան Հիւպատոսական բաժնի տնօրէն Գիորգի Տաբատաձէն, նորանշանակ պատուոյ հիւպատոս Կիորկի Մայսուրաձէն։

Իր խօսքին մէջ ՀՀ դեսպանը կարեւորած է Վրաստանի մէջ Հայաստանի առաջին պատուոյ հիւպատոսի գրասենեակի բացումը՝ ընդգծելով ատոր գործունէութեան նշանակութիւնը յատկապէս Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ տնտեսական կապերու ամրապնդման եւ միջհասարակական շփումներու առաւել աշխուժացման տեսանկիւնէն։

Միջոցառման կը մասնակցէին Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարարութեան, Ռուսթաւիի քաղաքապետարանի եւ վիրահայ համայնքի ներկայացուցիչներ։