image

Ռուսիա վերականգնեց Վրաստանի հետ Հայաստանի երկաթուղային հաղորդակցութիւնը․ Օվերչուք

Ռուսիա վերականգնեց Վրաստանի հետ Հայաստանի երկաթուղային հաղորդակցութիւնը․ Օվերչուք

Ռուսիոյ Դաշնութեան փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք կարեւորած է ռուսաստանցի մասնագէտներու օգնութիւնը մրցանշային կարճ ժամանակամիջոցի մէջ Վրաստանի հետ Հայաստանի երկաթուղային հաղորդակցութիւնը վերականգնելու գործով:

«Դժուար պահուն Ռուսիան օգնութեան հասաւ Հայաստանի ժողովուրդին եւ մրցանշային կարճ ժամանակի մէջ վերականգնեց հեղեղումներէն աւերուած երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Վրաստանի հետ։ Միակ երկաթուղին, որ Հայաստանը կը կապէ արտաքին աշխարհին հետ, կենսական նշանակութիւն ունեցող բեռներ երկիր հասցնելու հիմնական խողովակն է, եւ անոր երկարատեւ խախտումը կրնար լուրջ բացասական հետեւանքներ ունենալ բնակչութիւնը սնունդով եւ վառելիքով ապահովելու համար», - ըսած է ան լրագրողներուն։

Օվերչուք ընդգծած է, որ այդ բացասական հետեւանքները տեղի չունեցան շնորհիւ Ռուսիոյ, որ օգնութեան ձեռք մեկնեց Հայաստանի ժողովուրդին:

Ան նշած է, որ ռուսաստանցի մասնագէտները հայ գործընկերներուն հետ շուրջօրեայ ռեժիմով աշխատած են բնական աղէտի հետեւանքով վնասուած երկաթուղային հատուածները վերականգնելու համար։

«Առաջին փորձնական գնացքը վերականգնուած երկաթուղագիծով ճանապարհ ելած է 14 յունիսին՝ նախատեսուած ժամկէտէն մէկ շաբաթ շուտ։ Հայաստանի ժողովուրդի համար կարեւոր երկաթուղային հաղորդակցութիւնը Վրաստանի հետ վերականգնուած է», - եզրափակած է Ալեքսէյ Օվերչուք։