Դիւանագէտը ուշադրութիւն հրաւիրած է յօդուածներու եւ այլ նիւթերու վրայ, որոնք կը տարածուին Արեւմուտքի տեղեկատուական արշաւի շրջանակներուն մէջ` Ռուսիան վարկաբեկելու եւ զայն համաշխարհային պարէնային անվտանգութեան սպառնալիք ստեղծելու մէջ մեղադրելու համար:
Ռուսիան պատրաստ է շարունակելու կատարել հացահատիկի, պարարտանիւթերու եւ ուժանիւթի աղբիւրներու արտահանման իր պարտաւորութիւնները: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովան:
Որոշ արեւմտականներ կը մեղադրեն Ռուսիան պարէնային ընդհանուր ճգնաժամի պատճառ դառնալու մէջ, սակայն նման պնդումները իրենց բնոյթով կեղծ են եւ իրականութեան չեն համապատասխաներ իրենց ձեւով կամ բովանդակութեամբ, ըսած է ԱԳՆ-ի խօսնակը:
Դիւանագէտը ուշադրութիւն հրաւիրած է յօդուածներու եւ այլ նիւթերու վրայ, որոնք կը տարածուին Արեւմուտքի տեղեկատուական արշաւի շրջանակներուն մէջ` Ռուսիան վարկաբեկելու եւ զայն համաշխարհային պարէնային անվտանգութեան սպառնալիք ստեղծելու մէջ մեղադրելու համար:
«Վերջին շրջանին մենք աւելի ու աւելի շատ կը տեսնենք արեւմտեան ներկայացուցիչներու եւ, ցաւօք, միջազգային կազմակերպութիւններու, այդ շարքին` ՄԱԿ-ի ներկայացուցիչներուն յայտարարութիւնները համաշխարհային շուկաներուն մէջ հացահատիկի եւ պարարտանիւթերու պակասի պատճառով պարէնային լայնածաւալ ճգնաժամի սպառնալիքի մասին, որոնք, իբր թէ, հրահրուած են Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ գործողութիւններով: Այդ սուտ է: Այդ յայտարարութիւնները իրենց էութեամբ կեղծ են` ոչ միայն ձեւով, այլեւ՝ բովանդակութեամբ», ըսած է Զախարովան:
Ռուսիոյ Դաշնութիւնը կը հաստատէ իր պատրաստակամութիւնը` դիւրացնելու Ուքրանիայէն հացահատիկի արտահանումը օտարերկրեայ նաւերով, անվտանգութեան պայմաններով: