Փետրուար 11-ին ԱԽ քարտուղար Արմէն Գրիգորեան ընդունած է ՌԴ ԱԽ քարտուղարի տեղակալ Օլեկ Խրամովը, ով ժամանած է Երեւան` տեղեկատուական անվտանգութեան ապահովման հարցերով հայ-ռուսական միջգերատեսչական խորհրդակցութիւններուն մասնակցելու նպատակով:
Հանդիպման սկիզբը Գրիգորեան ընդգծած է վերջին երկու օրերուն հայ-ռուսական միջգերատեսչական խորհրդակցութիւններու շրջանակին մէջ տարուող աշխատանքներուն արդիւնաւէտութիւնը: Այս աժումով կողմերը նաեւ բարձր գնահատած են Հայաստանի եւ Ռուսաստանի Անվտանգութեան խորհուրդներու գրասենեակներուն միջեւ համագործակցութեան մակարդակը:
Անդրադառնալով երկկողմ հետաքրքրութիւն ներկայացնող կարեւոր հարցերու, ՀՀ ԱԽ քարտուղարը եւ ՌԴ ԱԽ քարտուղարի տեղակալը շեշտած են տեղեկատուական անվտանգութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան շարունակականութեան անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպման ընթացքին կողմերը նաեւ անդրադարձած են ապագային իրականացուելիք քայլերուն եւ ձեռքբերուած միջգերատեսչական համաձայնութիւններու իրականացման: