image

Ռուսաստանի ԱԳՆ. «Մոսկուան զգայուն պատասխան պիտի տայ պատժամիջոցներուն»

Ռուսաստանի ԱԳՆ. «Մոսկուան զգայուն պատասխան պիտի տայ պատժամիջոցներուն»

Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարած է, որ Մոսկուան «ոչ անպայման սիմեթրիք, բայց չափուած եւ զգայուն պատասխան պիտի տայ ամերիկեան պատժամիջոցներուն»:

«Կասկածներ պէտք չէ ըլլան` պատժամիճջոցներուն պիտի տրուի հուժկու պատասխան»,- կ'ըսուի Ռուսաստանի ԱԳՆ-ի յայտարարութեան մէջ:

Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութիւնը կը պնդէ, որ ամերիկեան պատժամիջոցներու հետզհետէ ընդարձակուող եւ թիրախաւորուած փաթեթները պիտի չստիպեն Մոսկուան փոխել վարած քաղաքականութիւնը:

Յայտարարութեան մէջ կ'ըսուի, որ Ռուսաստանը բազմիցս ապացուցած է, որ պատժամիջոցներու պարագային կրնայ նուազեցնել վնասները:

«Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութիւնը դեռ կը գտնուի միաբեւեռ աշխարհի մասին կարծրատիպերու գերութեան մէջ, Ուաշինկթընը տակաւին համոզուած է, որ իրաւասու է աշխարհակարգի իր տեսլականը պարտադրել բոլորին: Հիմա արդէն սպառնալիքներէն, շանթաժէն եւ ահաբեկումներէն զատ ուրիշ միջոցներ չեն մնացած, բայց աշխարհի գերտերութիւններու ու նախեւառաջ Ռուսաստանի եւ առանցքային միւս դերակատարներու պարագային այդ չ'աշխատիր», յայտարարած է Ռուսաստանի արտաքին գերատեսչութիւնը:

«Թող ԱՄՆ-ի սպառնալիքներուն հլու-հնազանդ ենթարկուին ինքնուրոյնութիւնը ամբողջութեամբ կորսնցուցած իրենց արբանեակները եւ յաճախորդները», կ'ըսուի յայտարարութեան մէջ:

Միաժամանակ Ռուսաստանի ԱԳՆ-ն կը հաւատացնէ, որ Մոսկուան բաց է «փոխադարձ յարգանքի, իրաւահաւասարութեան եւ բոլոր կողմերուն շահերը հաշուի առնելու վրայ հիմնուած դիւանագիտութեան համար»: