image

Ռուս խաղաղապահները Ատրպէյճանի փափաքով Ամարասի վանքի գագաթէն վերցուցած են Արցախի դրօշը

Ռուս  խաղաղապահները   Ատրպէյճանի  փափաքով Ամարասի վանքի  գագաթէն  վերցուցած են  Արցախի դրօշը

Ռուս խաղաղապահները Արցախի Մարտունիի շրջանի Մաճկալաշէն համայնքին մօտ Ամարաս վանքի վրայ տեղադրուած Արցախի դրօշը նախօրէին հանած են։ Այս մասին ըսաւ Մաճկալաշէն համայնքի ղեկավար՝ Լեռնիկ Աւանէսեան։

«Ինձ զանգել են ու ասել, որ ռուսները եկել են, դրօշը հանել, ի՞նչ անենք, ես էլ ասացի, որ իրաւասու չեմ ասել՝ ինչ անէք։ Դա վերեւների հարցն է, ես ինչ իմանամ»,– ըսաւ համայնքի ղեկավարը։

Լեռնիկ Աւանէսեանի խօսքով՝ 20 Սեպտեմբերին, ատրպէյճանցիները մօտ 1 քմ. առաջ բերած էին իրենց դիրքը, ապա ռուս խաղաղապահներու միջնորդութեամբ ետ գացած։ Սակայն ատրպէյճանցիները պայման դրած են, որ  Ամարաս վանքի վրայ տեղադրուած Արցախի դրօշը պէտք է իջնէ, իսկ ռուս խաղաղապահներն ալ առաջարկած են անոր փոխարէն Հայաստանի դրօշը կախել։ Մաճկալաշէն համայնքի ղեկավարը ըսաւ, որ այս պահուն Ամարասի վրայ ոչ մէկ դրօշ կայ։

Լուրը  «Նիւզ.ամ»էն