image
Հրատապ լուրեր:

Ռաֆֆի Կիրակոսեան ՝ «Ապու Լէյլ» ի հին-նոր կոչը՝ «Ի վերջոյ բոլորս պիտի գանք»

  Ռաֆֆի Կիրակոսեան ՝ «Ապու Լէյլ» ի հին-նոր կոչը՝ «Ի վերջոյ բոլորս պիտի գանք»

Լիբանանի Դաշնակցական շրջանակներուն ծանօթ անուն եղող  երիտասարդներէն՝ Ռաֆֆի Կիրակոսեան   իր դիմատետրի էջով կարճ տեսանիւթ մը հրապարակած է։

 Կիրակոսեան, որ  յայտնի է «Ապու Լէյլ» ծածկանունով  տեսանիւթին մէջ (շատ հաւանաբար նկարահանուած հերոսական Շուշիի մէջ)  կը խօսի այդ  յաղթանակած  օրերու ոգիով, եւ ան նկատել կու տայ, որ ուշ կամ կանուխ  ամբողջ սփիւռքահայութիւնը պիտի հայրենադարձուի։

 

 Տեսանիւթին մէջ Կիրակոսեան ռազմիկի  հագուստներով է, այն օրերուն երբ հայկական բանակը նոր կը կազմաւորուէր, իսկ Շուշիի ՀՅԴ  գունդը (Պաթալիոն) իր  յարգուած  դիրքը ունէր։

 Ի վերջոյ այդ զօրախումբի ճամբով է, որ մերօրեայ  մարտական գործիչները իրենց փայլն ունեցան իսկ շատ մը երիտասարդներ դարձան նահատակ ու սերունդներուն ոգի ու շունչ տուող հերոսներ։

 

 Կիրակոսեանի խօսքը աւելի քան իմաստալից է ու նաեւ մեծ հարցումներու տեղիք կուտայ, այն իմաստով, որ  աւելի լաւ պիտի չըլլար մեր այսօրը, եթէ  այդ օրերէն սկսեալ  ամբողջ Արցախը դառնար վերաբնակեցման օճախ ու հնոց  այդպիսով ալ ընթացք տալու  հայահաւաքի մեծ գաղափարներուն։

 Ի վերջոյ թշնամիին նկրտումները, հեռահար ծրագիրները եւ հայասպան մօտեցումները  կարելի պիտի ըլլար աւելի հեշտ ձեւով կանխել, եթէ Արցախի բնակչութիւնը հասնէր 300.000-ի, ալ ուր մնաց, եթէ այդ բնակչութիւնը գործէր ու ապրէր արդիական ձեւաչափերով եւ զարկ տար  նաեւ ու անպայման  ռազմական  սարքերու արտադրման ու ամենակարեւորը  ազգ-բանակ կազմելու իրական հիմունքներուն։

 

 Տեսանիւթը  շատ կարճ ու շատ բան կ՚ըսէ, թէ այդ օրերուն ինչպիսի յաղթանակած ոգի կը տիրէ հայ երիտասարդութեան  մէջ ու այնպիսի  պահու մը, երբ մեր տղաքը, պատերազմի դժոխքէն անցած ու ազատագրուած  քաղաքներուն մէջ կը տեսնէին, ոչ թէ տժգոյն  օրեր, այլ կեանքի  շունչ եւ ապրելու  մեծ  եռանդ։

 Դիտեցէ՚ք ՝