image

«Քովիտ»ի խնդիր. 23 Յունուարէն սկսեալ հանրային վայրեր մտնելու նոր կարգադրութիւններ

«Քովիտ»ի խնդիր. 23 Յունուարէն սկսեալ հանրային վայրեր մտնելու նոր կարգադրութիւններ

Հրապարակուած է ՀՀ առողջապահութեան նախարարի թիւ 02-Ն հրամանը՝ ՀՀ առողջապահութեան նախարարի 2020 թուականի Օգոստոսի 4-ի թիւ 17-ն հրամանում փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին:

Ըստ այդմ՝ հիւրանոցներու, հանրային սնունդի կէտերու, մարզասրահներու յաճախորդները, գրադարաններու, թանգարաններու այցելուները, թատերահամերգային, սինեմայի եւ այլ մշակութային գործունէութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններու հանդիսատեսները տուեալ վայր մուտք գործելու համար պէտք է ներկայացնեն կա՛մ քննութեան, կա՛մ պատուաստման վկայագիր՝ բջջային յաւելուածի արագ արձագանգման ծածկագրի (QR քոտ) միջոցով կամ բջջային յաւելուածէն արտածուած թղթային տարբերակով։

Տուեալ պահանջը չի վերաբերին յղիներուն, բացարձակ հակացուցում ունեցողներուն եւ նախապէս «Քովիտ»ով հիւանդացածներուն, որոնք ունին մինչեւ 90 օրուայ վաղեմութեան PCR հետազօտութեան դրական արդիւնք։ 

Վերոնշեալ սահմանափակումները պիտի գործեն Յունուար 23-էն։