image

Քաղաքապետական ընտրութիւններու առթիւ կոչ՝ Լիբանանահայութեան

Քաղաքապետական ընտրութիւններու առթիւ կոչ՝ Լիբանանահայութեան

Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութեանց առթիւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ՝

4 մայիս 2025-ին Լեռնալիբանանի մէջ տեղի կ՛ունենան քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններ։ Ապահովական, տնտեսական, ընկերային եւ անոնցմէ բխած զանազան տեսակի տագնապային փուլերէ անցնելէ ետք, քաղաքացիները հրաւիրուած են մեկնելու քուէատուփեր եւ քուէարկելու տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան։

Քաղաքապետական խորհուրդի անդամները թէ թաղապետները անմիջական շփում ունեցողներն են ժողովուրդին հետ, որ պետական գործերու հետ առնչուելու համար իրաւական գետնի վրայ կապ պիտի հաստատէ իր ընտրած քաղաքապետներուն կամ Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներուն հետ։

‎‎Լեռնալիբանանի քաղաքապետական եւ թաղապետական ընտրութիւններուն լիբանանահայ քաղաքացիները քուէարկելով ոչ միայն պիտի կատարեն իրենց քաղաքացիական պարտականութիւնը, այլ նաեւ դերակատար պիտի ըլլան Դաշնակցութեան առաջադրած, աջակցած ցանկերու յաջողութեան՝ ապահովելով քաղաքապետներու, փոխքաղաքապետներու, քաղաքապետական խորհուրդի անդամներու եւ թաղապետներու ընտրութիւնները։

‎‎Պուրճ Համուտի Քաղաքապետական խորհուրդի ընտրութեան պարագային, առ ի չգոյէ մրցակից թեկնածուներու, առաջադրուած ցանկը ընտրուած կը համարուի։ Պուրճ Համուտի մէջ թաղապետական ընտրութիւնները, սակայն, տեղի պիտի ունենան։ Պիտի ապահովուի պահանջուած քուէ՝ առաջադրուած թաղապետներու ընտրութիւնը յաջողցնելու համար։

‎‎Մինչ Լեռնալիբանանի այլ ընտրաշրջաններու մէջ, ուր առաջադրուած են փոխքաղաքապետի, Քաղաքապետական խորհուրդի անդամներ եւ թաղապետներ, Դաշնակցութեան ընտրամեքենան պիտի բանի բոլոր ներկայացուած անուններու ամբողջական ընտրութիւնը յաջողցնելու համար։ Այս շրջաններու մեր հայրենակիցներու առաւելագոյն մասնակցութիւնը անհրաժեշտ է՝ ոչ միայն ապահովելու քաղաքացիական իրաւունքները, այլ նաեւ՝ տէր կանգնելու մեր հաւաքական իրաւունքներուն, վերանորոգ թափով շարունակելու լիբանանահայութեան քաղաքական գործօնի դերակատարութիւնը։

‎‎ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն կոչ կ’ուղղէ մեր հայրենակիցներուն՝ ներկայանալու Դաշնակցութեան ‎ ընտրական կեդրոններ եւ ուղղուելու դէպի քուէատուփեր։

 

‎ՀՅ Դաշնակցութեան
Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ