Պրիւքսէլի մէջ կայացած եռակողմ հանդիպման շրջանակներուն մէջ Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլը պահ մը առանձին թողած է Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը՝ ուղիղ խօսելու համար: Այս մասին յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շառլ Միշէլը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն հետ հանդիպումէն յետոյ:
Անդրադառնալով հարցին, թէ արդեօք ճի՞շդ է, որ պահ մը առանձին թողած է երկրների ղեկավարները՝ Միշէլը պատասխանեց. «Այո՛, այդ ճիշդ է: Ես կը կարեւորեմ իմ կողմէս օգնելը, աջակցիլը, բայց նաեւ շատ կարեւոր է, որ անոնք ուղղակի խօսին»:
Եւրոպական խորհուրդի նախագահը մեծապէս կարեւորեց երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ուղիղ կապ ստեղծելը՝ համոզմունք յայտնելով, որ այդպիսի հանդիպումները, ինչպիսին կայացաւ Պրիւքսէլի մէջ, եւս կարեւոր են:
«Ես համոզուած եմ, որ ուղիղ կապը երկու ղեկավարներուն միջեւ շատ օգտակար է: Մենք յաջողած ենք դրական դեր խաղալ պաշտպանութեան նախարարներու մակարդակով ուղիղ կապը հնարաւոր դարձնելու գործին մէջ՝ հնարաւոր միջադէպերը կանխելու, հետագայ բախումներէ խուսափելու համար», նշած է Միշէլ: