Ռուսաստանի Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հայկական կողմի նախաձեռնութեամբ հեռախօսազրոյցի ընթացքին քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին շարք մը միջադէպերէն յետոյ ստեղծուած իրավիճակը:
Հայկական կողմի նախաձեռնած հեռախօսազրոյցի ընթացքին ՌԴ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը քննարկած են հայ-ատրպէյճանական սահմանին իրավիճակը: Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է շարունակել շփումները այդ կապակցութեամբ։
Յիշեցնենք, որ Նոյեմբեր 16-ին, ժամը 13։00-ի սահմաններուն, ատրպէյճանական զինուած ուժերու ստորաբաժանումները հերթական սադրանքը նախաձեռնած էին ՀՀ արեւելեան սահմանագօտիին ուղղութեամբ՝ գնդակոծութեան ենթարկելով հայկական դիրքերը։