Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեպ Թայիպ Էրտողան կը պնդէ, որ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի հանդիպումը կրնայ կայանալ Սթամպուլի մէջ:
Երեքշաբթի Սթամպուլի մէջ տեղի ունեցած են դէմ առ դէմ բանակցութիւններ Մոսկուայի եւ Քիեւի պատուիրակութիւններուն միջեւ: Հանդիպումէն յետոյ ռուսական պատուիրակութեան ղեկավար Վլատիմիր Մետինսքին ըսած է, որ Ռուսաստանի Դաշնութիւնը գրաւոր առաջարկներ ստացած է Ուքրանիայէն կողմերուն միջեւ համաձայնութեան վերաբերեալ: Ան յաւելած է, որ Մոսկուան այս նախաձեռնութիւնները քննարկելէ յետոյ առաջարկներ պիտի ներկայացնէ:
Բացի այդ, նշած է քաղաքական գործիչը, որ Մոսկուան «երկու քայլ» կ'ընէ դէպի Քիեւ եւ կ՛առաջարկէ նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Վոլոտիմիր Զելենսքիի հանդիպում կայացնել նախատեսուածէն շուտ` արտաքին գործոց նախարարութիւններու մակարդակով խաղաղութեան պայմանագրի նախաստորագրման զուգահեռ: Իսկ ռուս զինուորականները պիտի նուազեցնեն աշխուժութիւնը Քիեւի եւ Չեռնիկովի ուղղութիւններով: