image

«Փաստօրէն Գորիս-Երեւան ճանապարհը ատրպէյճանցիներու վերահսկողութեան տակ է». Սէյրան Օհանեան

«Փաստօրէն Գորիս-Երեւան ճանապարհը ատրպէյճանցիներու վերահսկողութեան տակ է». Սէյրան Օհանեան

«2020 թուականին Հայաստանի կրած պարտութիւնից յետոյ սահմանային լարուածութիւնը յատկապէս Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի հատուածում շարունակւում է: Այս ամէնը հետեւանք է նրա, որ ՀՀ այսօրուայ իշխանութիւնները համակերպուել են պարտուողական քաղաքականութեան հետ, եւ թուրքը յայտնուել է ՀՀ սահմաններում»: Այս մասին, 16 Նոյեմբերին, Ազգային ժողովի մամլոյ ասուլիսի ժամանակ յայտարարեց «Հայաստան» խմբակցութեան ղեկավար՝ Սէյրան Օհանեան։

«Գնահատելով հակառակորդին՝ մենք ասում ենք, որ շարոնակւում են ճնշումները պարտուած իշխանութեան վրայ։ Միջազգային փորձն է ցոյց տալիս, որ պարտուած իշխանութիւնները միշտ գտնւում են թէ հակառակորդի, թէ միջազգային հարթակում թելադրանքի, պարտադրանքի ներքոյ», ըսաւ Օհանեանը՝ աւելցնելով, որ հակառակորդը մեր իշխանութիւնները ձգած է խաղաղութեան խաբկանքին մէջ։

«Երեւան-Գորիս մայրուղին, ըստ էութեան, գտնւում է ատրպէյճանցիների վերահսկողութեան ներքոյ։ Թուրք-ատրպէյճանական դաշինքի համար ճանապարհների, ենթակառուցուածքների ապաշրջափակման խնդիրը մնում է որպէս հիմնական գործողութիւն, ըստ էութեան՝ Զանգեզուրի միջանցք գաղափարն առաջ տանելու համար։ Ճանապարհների ապաշրջափակումը բերելու է Հայաստանի եւ Արցախի աւելի խորը շրջափակման, տնտեսական ճնշման եւ ժողովրդագրական պատկերի փոփոխութեան», ըսաւ Սէյրան Օհանեան։

Պատգամաւորը նշեց, թէ ՀՀ իշխանութիւնները որեւէ հետեւութիւն չեն կատարեր այս իրականութեան մէջ. «ՀՀ իշխանութիւններն ինչպէս անգրագէտ կերպով պատերազմը չկարողացան ղեկավարել, ամուր թիկունք ստեղծել բանակին, հաւաքել ամբողջ ներուժը, այդ ամէնի շարունակութիւնը եղաւ նաեւ այն, որ ոչ գիտակից ցուցումով մեր զօրքերը յետ քաշուեցին Սիւնիքի եւ Գեղարքունիքի հատուածում։ Այդ է պատճառը, որ հակառակորդն այսօր շարունակում է ճնշումները», ընդգծեց ընդդիմադիր պատգամաւորը։

Օհանեանի խօսքով՝ նոյնիսկ այսպիսի իրավիճակի մէջ ՀՀ իշխանութիւնները իրատեսական գնահատական չեն տուած պատերազմին եւ անկէ ետք ստեղծուած իրավիճակին։

«Ռազմավարական վերանայում չեն իրականացրել, որի ընթացքում պէտք է որոշէին, որ ՊՆ, ԱԱԾ համապատասխան ուժեր ներառեն երկրի սահմանային պաշտպանութիւնն իրականացնելու համար։ Այդպիսի որոշումներ ընդունելու համար մի քանի ժամ է պէտք, այդպիսի որոշումներն իրականացնելու համար մի քանի օր է պէտք ռազմավարական կարեւոր ուղղութիւններում», ըսաւ Սէյրան Օհանեան։