image

Փաշինեան ընդունած է Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը

Փաշինեան ընդունած է Վրաստանի պաշտպանութեան նախարարը

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ընդունած է Վրաստանի պաշտպանութեան նախարար Իրաքլի Չիքովանին։

Վարչապետը նշած է, որ Հայաստանի եւ Վրաստանի յարաբերութիւնները կը գտնուին բարձր մակարդակի վրայ եւ կարեւորած պարոն Չիքովանիի այցը: Նիկոլ Փաշինեան ընդգծած է, որ Հայաստանը շահագրգռուած է Վրաստանի հետ բազմաոլորտ համագործակցութեան խորացմամբ եւ զարգացմամբ:

Վարչապետն արդիւնաւէտ գնահատած է երկու երկիրներու պաշտպանական գերատեսչութիւններու միջեւ ծաւալած գործընկերութիւնը:

Իրաքլի Չիքովանին իր խօսքին մէջ կարեւորած է Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հետ գործակցութիւնը եւ ատոր ընդլայնման միտուած ծրագրերը:

Զրուցակիցները միտքեր փոխանակած են պաշտպանական ոլորտի մէջ գործընկերութեան ամրապնդման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանային անվտանգութեան ու կայունութեան վերաբերող հարցերու շուրջ: