image
Հրատապ լուրեր:

Փաշինեան կ'ակնարկէ Ատրպէյճանի հետ շփումները շարունակելու եւ երկաթուղիի կառուցման

Փաշինեան կ'ակնարկէ Ատրպէյճանի հետ շփումները շարունակելու եւ երկաթուղիի կառուցման

Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերած են շփումները շարունակելու: Այս մասին ան տեղեկացուց կառավարութեան այսօրուան նիստին:

«Պայմանաւորուածութիւն է ձեռք բերուել Ատրպէյճանի նախագահի հետ, որ շփումները կը շարունակենք մեր օրակարգի հարցերի շուրջ՝ փորձելով ձեւաւորել եւ ձեւակերպել ընդհանուր տեսակէտներ եւ մօտեցումներ: Այսինքն` համաձայնեցնել եւ յաղթահարել այն տարաձայնութիւնները, որոնք առկայ են», ըսաւ Փաշինեան:

Կառավարութեան նիստին ընթացքին Փաշինեան նշեց, որ այդ Երասխ-Ճուլֆա-Օրտուպատ-Մեղրի-Հորատիզ երկաթուղիի կառուցման որոշումը եւ պայմանաւորուածութիւնը ձեռք բերուած էր տարածաշրջանային հաղորդակցութիւններու բացմամբ զբաղող եռակողմ աշխատանքային խումբի քննարկումներու արդիւնքով, որոնք կը համանախագահեն Հայաստանի, Ռուսաստանի եւ Ատրպէյճանի փոխվարչապետները:

«Ընդգծում եմ, որ երկաթուղին կը գործի սահմանային եւ մաքսային միջազգայնօրէն ընդունուած կանոնների համաձայն` փոխադարձութեան սկզբունքով, երկրների ինքնիշխանութեան եւ իրաւազօրութեան ներքոյ:  Հայաստանը այս երկաթուղով հասանելիութիւն կը ստանայ դէպի Իրան եւ Ռուսաստան, Ատրպէյճանը երկաթուղային կապ կը ստանայ Նախիջեւանի հետ», ընդգծեց վարչապետը:

Նիկոլ Փաշինեան ուշադրութիւն հրաւիրեց այն հանգամանքին վրայ, որ եթէ Հայաստան յաջողի որոշակի երկխօսութիւն սկսիլ Թուրքիոյ հետ եւ յաջողի հասնիլ սահմանի եւ հաղորդակցութիւններու բացման, այս նախագիծը կրնայ շատ աւելի մեծ մասշտաբ ստանալ՝ յիշեցնելով Երասխ-Կիւմրի-Կարս երկաթուղիին մասին: