Օրերս Լիբանանահայ հանրայայտ ելեւմտագէտ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի հրատարակութիւնները պիտի ներկայացուին «Անթիլիասի ցուցահանդէս»ին։
Այս մասին իմացանք «Արեւելք»ի Պէյրութի աղբիւրէն։
Այս առթիւ ալ ցուցահանդէսի կազմակերպիչ մարմինը ներկայացուցած է լրատւութիւն մը, եւ զայն հայերէնի թարգմանելով կը ներկայացնենք ստորեւ ՝
«Անթիլիասի Մշակութային Շարժում»-ի կազմակերպութեամբ, 29 փետրուար – 10 մարտ 2024, յետմիջօրէի ժամը 3-էն մինչեւ երեկոյեան ժամը 9-ը, շրջանի «Մար Իլիաս» եկեղեցւոյ մեծ սրահին մէջ, տեղի կ՛ունենայ լիբանանեան գիրքի 41-րդ ցուցահանդէս-փառատօնը:
Մշակութային այս մեծ իրադարձութեան ընթացքին ընթերցասէր հասարակութիւնը առիթ պիտի ունենայ ծանօթանալու լիբանանցի հեղինակներու նոր հրատարակութիւններուն:
Ցուցահանդէսին կը մասնակցի նաեւ տնտեսական հարցերու վերլուծաբան, հայերէն եւ օտար լեզուներով տնտեսական բազմաթիւ գիրքերու եւ ուսումնասիրութիւններու հեղինակ, տնտեսագէտ, դասախօս՝ Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան:
Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան ծանօթ հեղինակութիւն մըն է տնտեսագիտութեան աշխարհին մէջ: Ան երկար տարիներ ձեռնահասօրէն վարած է Լիբանանի Կեդրոնական Դրամատան փոխկառավարիչի պարտականութիւնը (1985-1990): Բազմաթիւ առիթներով Լիբանանը ներկայացուցած է Միջազգային Ելեւմտական Հիմնարկի (IMF) եւ համաշխարհային զանազան կառոյցներու մէջ:
Միջազգային մրցանակներու դափնեկիր Մկրտիչ Յակոբ Պուլտուքեան, մինչեւ օրս կը մասնակցի միջազգային խորհրդաժողովներու` իբրեւ դրամատուներու խորհրդատու եւ հմուտ տնտեսագէտ: