image

Պէյրութի մէջ. Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարան»ի աշակերտները հիւր Հոգեւոր Տիրոջ

 Պէյրութի մէջ. Հայ Կաթողիկէ  «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարան»ի աշակերտները հիւր Հոգեւոր Տիրոջ

 Օրերս նախատօնական մթնոլորտով պայմանաւորուած Հայ Կաթողիկէ «Սուրբ Խաչ-Հարպոյեան վարժարան»ի խումբ մը աշակերտներ գլխաւորութեամբ վարժարանի տնօրէն՝ Տիար Արամ Գարատաղլեանին եւ խումբ մը պատասխանատուներուն այցելած են Ն.Ա.Գ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ վարժարանի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է՝ 

 

Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ, Հինգշաբթի 21 Դեկտեմբեր 2023֊ի առաւօտեան, Ս. Խաչ Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարանի 3-րդ դասարանի աշակերտները, վարժարանիս հոգեւոր վարիչին, տնօրէնին եւ ուսուցիչներու ընկերակցութեամբ, մեկնեցան Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան ֊Ժէիթաուի, այցելելու Ն.Ա.Գ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին։ 

Անոնք մօտէն ծանօթացան մեր Հոգեւոր Տիրոջ, մտերմիկ հանդիպման ընթացքին Առաջին Սուրբ Հաղորդութեան պատրաստութեան մասին խօսեցան, որմէ ետք նուիրեցին գեղեցիկ ու իւրայատուկ իւղաներկ գծապատկեր մը, որ կը ներկայացնէ Ս.Ծնունդն ու իրենց մատնադրոշմով զարդարուած Ս. Ծննդեան ծառը։

Վարժարանիս մեծաւոր Արամ Գարատաղլեան հոգեւոր Տիրոջ ներկայացուց ու նուիրեց վարժարանիս 4֊րդ դասարանին կողմէ պատրաստուած Արցախի նուիրուած 2024 տարուան օրացոյցը, ինչպէս նաեւ վարժարանիս արհեստից բաժանմունքի նորաբաց խոհարարական բաժնի աշակերտներու պատրաստած «Ծննդեան Կոճղ» կարկանդակը։

Աւարտին 3֊րդ դասարանի աշակերտները միահամուռ կատարեցին «Հայր մեր» շարականը, եւ ստացան Հոգեւոր Տիրոջ օրհնութիւնը։