Պէյրութի հայահոծ Նոր Մարաշ թաղամասի Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ մէջ օրերս տեղի ունեցած է «Հայ Աւետարանական Պաշտպամունք» ընդհանուր խորագրով սեմինար մը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ Մերձաւոր Արեւելքի Հայ Աւետարական Եկեղեցւոյ Միութեան (ՄԱՀԱԵՄ) դիմատետրի պաշտօնական էջէն, ուրկէ ալ մեր ընթերցող հասարակութեան կը ներկայացնենք եղած գրառումն ամբողջութեամբ։
Հայ Աւետարանական Պաշտամունքի նիւթով՝ յատուկ սեմինար տեղի ունեցաւ 20 Յունուար 2024ին, կազմակերպութեամբ ՄԱՀԱԵՄի Կեդրոնական Մարմինի, եւ ղեկավարութեամբ Վեր. Նշան Պագալեանի։ Նոր Մարաշի Հայ Աւետ. Եկեղեցւոյ «Հասէսեան» Սրահին մէջ 70է աւելի հոգիներ հաւաքուեցան այս միօրեայ սեմինարին համար, սերտելով պաշտամունքի հիմունքը, պաշտամունքի Հայ Աւետ. արտայայտութիւնը եւ բովանդակութիւնը, եւ պաշտամունք ծրագրելու գործընթացը։ Մասնակցողները, որոնք գործունեայ ծառայողներ են Լիբանանի Հայ Աւետ. եկեղեցիներէն եւ վարժարաններէն, նաեւ առիթ ունեցան Հայ Աւետ. հովիւներէն լսելու իրենց փորձառութեան մասին։
Վեր. Պագալեան յատկապէս շեշտեց պաշտամունքը ծրագրողներու անձնական հոգեւոր կեանքին հիմնական դերը, հարազատ առաջնորդութիւն տալու դէպի Աստուած։ Ան նաեւ մտածելիք տարբեր սահմանումներ տուաւ «պաշտամունք» գաղափարին առնչութեամբ, ինչպէս «Յիսուսի պատմութիւնը պատմել»։
Սեմինարին մէկ մասը տրամադրուեցաւ տարբեր տարիքի խումբերու համար աշխատանքի։ Մասնակցողները ծանօթացան եկեղեցական տարեցոյցի կառոյցին որպէս միջոց «հաւասարակշռուած հոգեւոր սնունդ» պատրաստելու համար։ Ներկաներուն գոհունակութիւնը զգալի էր, որ Միութիւնը այսպիսի սեմինար կազմակերպեց, եւ անհամբեր կը սպասեն գալիք սեմինարներուն, խորացնելու համար իրենց ըմբռնումը պաշտամունքի էական դերին եւ իրագործումին մասին։
Մօտ ատենէն սեմինարին տեսանիւթը պիտի տեղադրուի Միութեան Youtube կայանի մէջ, որպէս զի ամէն մարդ կարենայ անկէ օգտուիլ։