image

Պէյրութի երկրորդ ընտրաշրջանին մեծ ընտրողներու մեծ հոսք

Պէյրութի  երկրորդ  ընտրաշրջանին մեծ  ընտրողներու մեծ հոսք

Պէյրութի երկրորդ ընտրաշրջանի երկու ամենակարեւոր ընտրատեղամասերը՝ Քոլայի շրջանին մէջ Օմար Ֆարրուխի կեդրոնը եւ Պիր Հասան շրջանին մէջ Օմար Ֆախուրի կեդրոնը, ականատես կը դառնան քուէարկողներու զանգուածային մասնակցութեան:

«Lebanon Debate» կայքէն կը տեղեկանանք, որ երկու ընտրատեղամասերուն մէջ քուէարկութեան ընթացքին որեւէ խնդիր չէ յառաջացած, բացի որ շարունակական ձեւով ելեկտրական հոսանքը կ'ընդհատուի, եւ պատասխանատուները կ'աշխատին այս խնդիրը լուծել մինչեւ գիշեր: Բայց մտավախութիւն կայ, որ եթէ խնդիրը չլուծուի, այդ կրնայ իրարանցում յառաջացնել: