Քաղաքական շահերը կը խանգարեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կողմերուն համաձայնութեան հասնիլ, մինչդեռ հաւատքի ներկայացուցիչները առաւելութիւններ ունին բանակցային գործընթացին մէջ՝ հիմնուած Աստուծոյ հանդէպ հաւատքի, ընդհանուր բարոյական արժէքներու եւ միմյանց նկատմամբ վստահութեան վրայ, ԼՂ հակամարտութեան կարգաւորման վերաբերեալ Կովկասի մահմետականներու առաջնորդ շէյխ ուլ իսլամ Ալլահշուքիւր Փաշազատէի հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է Համայն Ռուսիոյ եւ Մոսկուայի պատրիարք Քիրիլը:
«Եթէ խօսքը ռազմական հակամարտութեան յաղթահարման մասին է, ապա քաղաքական գործօնը առկայ է, եւ երբ այդ գործօնը կը գերակշռէ, բանակցութիւնները կը դառնան աւելի դժուար: Երբեմն, մեր կրօնական տեսանկիւնէն, մեզի ուղղակի անբացատրելի կը թուի, թէ ինչու մարդիկ չեն կրնար վստահիլ իրարու: Անոնք չեն կրնար համաձայնութեան գալ, քանի որ քաղաքական շահեր կը շօշափուին», ըսած է Քիրիլ պատրիարքը:
Անոր խօսքով՝ կրօնական առաջնորդները առաւելութիւն ունին նման խնդիրները քննարկելով, քանի որ «ունին ընդհանուր հիմք՝ հաւատքն առ Աստուած եւ բարոյական արժէքների համակարգ, պարկեշտութիւն եւ վստահութիւն իրար նկատմամբ, ինչ որ բարենպաստ մթնոլորտ կը ստեղծէ»:
«Այս աւելի քան 30 տարուան ընթացքին, որ կը ճանչնանք իրար, չէ եղած որեւէ դէպք եւ թեմայ, որ մեզ բաժնէ եւ լարուածութիւն յառաջացնէ: Մենք միշտ գտած ենք մեր քննարկած հարցերուն լուծումը», ըսած է Քիրիլ պատրիարքը՝ դիմելով ատրպէյճանցի մահմետականներու առաջնորդին: