image

Պատրաստ ենք Անգարա եւ Պաքու երթալու. Արմէն Գրիգորեան

Պատրաստ ենք Անգարա եւ Պաքու երթալու. Արմէն Գրիգորեան

Մենք աւելի շատ հայ-թրքական յարաբերութիւնները կը քննարկենք երկկողմ ձեւաչափով, բայց եթէ առիթ ըլլայ «3+3»-ի մէջ ալ խօսելու, ապա մենք նաեւ այդ առիթը կ'օգտագործենք՝ Թուրքիոյ հետ շփումներ ունենալու, միմեանց դիրքորոշումները աւելի պարզ եւ մատչելի դարձնելու համար։ Այս մասին յայտնած է ՀՀ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը՝ անդրադառնալով տարածաշրջանային ձեւաւորուող «3+3» կամ «3+2» ձեւաչափին ՀՀ մասնակցութեան ու անոր ծիրէն ներս հնարաւոր օրակարգին։

Այն դիտարկման, թէ արդեօ՞ք այդ կը նշանակէ, որ ՀՀ ներկայացուցիչներն ալ  Անգարա պիտի երթան, քանի որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտնած է, որ յաջորդ հանդիպումը Թուրքիոյ մէջ պիտի կայանայ,  յետոյ նաեւ՝ Պաքու, իսկ այդ երկիրներու ներկայացուցիչներն ալ Հայաստան այցելեն, Գրիգորեան արձագանգեց․

«Եթէ առիթ ըլլայ, մենք պատրաստ ենք երթալու, նաեւ պատրաստ ենք հիւրընկալելու այդ երկիրները՝ մեր մօտ տարածաշրջանային խնդիրներու վերաբերեալ քննարկումներ կազմակերպելու»։