Որոշեցի գալ ԱԺ պաշտանութեան եւ անվտանգութեան յանձնաժողով, որովհետեւ 9 Նոյեմբերէն սկսած ես, շփուելով այս ամէնը մերժող, դատապարտող, վիրաւորուած քաղաքացիներու հետ, յանձնառութիւն ստանձնեցի բացայայտելու այն, ինչ տեղի ունեցած է մինչեւ 27 Սեպտեմբերը, եւ 27 Սեպտեմբերէն մինչեւ 10 Նոյեմբերը, եւ անկէ յետոյ: Այս մասին ԱԺ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովի նիստին յայտարարած է «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Ղազինեանը՝ անդրադառնալով իր՝ յանձնաժողովի փոխնախագահի պաշտօնին առաջադրուելուն:
«Հասարակութեան մեծ մասի մօտ առնուազն խորը կասկած կայ, որ տեղի է ունեցել պետական դաւաճանութիւն, ծրագրաւորուած, կազմակերպուած պատերազմ, եղել է հայրենիքի յանձնում: Դա կա՛մ պէտք է հաստատուի, կա՛մ հերքուի: Այս յանձնաժողովում լինելուս նպատակը բացառապէս դրան է վերաբերում, նաեւ՝ ծառայել ՀՀ ազգային, պետական շահին եւ մեր քաղաքացիներին»,-ըսած է ան:
Անդրադառնալով իր կարողութեան վերաբերող հարցին՝ Ղազինեանն ըսած է, որ 2010-էն պետական ծառայութեան մէջ չէ, օրէնքով արգիլուած որեւէ արարք չէ կատարած: «Ես ունեցել եմ ազատ ժամանակ, հնարաւորութիւն, կապեր, միջավայր, որ կարողանամ ձեւաւորել իմ սեփական կեանքը: Ես դա արել եմ արժանապատիւ, առանց որեւէ բան թաքցնելու: Ես որոշեցի հրապարակել այդ գումարը, որովհետեւ գաղտնիք չունեմ»,-ըսած է ան:
Մինչ իր կարողութեան մասին Ղազինեանի ելոյթը՝ յանձնաժողովի նախագահ, ՔՊ խմբակցութեան պատգամաւոր Անդրանիկ Քոչարեանը հարց ուղղած էր «Հայաստան» խմբակցութեան քարտուղար Արծուիկ Մինասեանին՝ նշելով. «Պարոն Ղազինեանի յայտարարագրի մէջ հսկայական ունեցուածք է նշուած: «Հայաստան» խմբակցութեան մէջ այդ հարցը քննարկել էք, թէ՞ ոչ: Ինչպիսի՞ աղբիւրներից է այդպիսի կարողութիւն գոյացել»:
Ի պատասխան՝ Արծուիկ Մինասեանն արձագանգած է, որ պաշտօնատար անձանց յայտարարագրման, անոր մէջ արտացոլուած տեղեկատուութեան հաւաստիութեան եւ ատոնց աղբիւրներու վերաբերեալ ստուգման իրաւասութիւնը կը պատկանի համապատասխան պետական մարմնին, որ ո՛չ պաշտպանութեան եւ անվտանգութեան հարցերու մշտական յանձնաժողովն է, ո՛չ ալ ԱԺ-ն:
«Եթէ որեւէ կասկած, թիւր կարծիք կայ, ապա իրաւասու մարմինը կարող է եւ հնարաւորութիւն ունի իրականացնելու անհրաժեշտ քննութիւնը եւ պարզելու: Ինչ վերաբերում է հռետորական հարցադրմանը, ապա պարոն Ղազինեանը կարող է մանրամասն անդրադառնալ այդ բոլոր հարցերին: Մեր խմբակցութիւնում մենք վստահ ենք, որ բոլոր յայտարարագրերը, տեղեկութիւնները, որոնք պաշտօնապէս ներկայացուած են նրա կողմից, հաւաստի են»,-նշած է պատգամաւորը: