 
                    Միացեալ Նահանգները Ատրպէյճանը հրաւիրած է միանալու՝ ռազմական գործողութիւններու աւարտէն ետք Կազայի կայունացման ուղղուած միջազգային առաքելութեան, հաղորդած է AnewZ-ը։
Աղբիւրներու համաձայն՝ Պաքուն դեռ որոշում չէ կայացուցած։ Ատրպէյճանը կը պնդէ, որ մասնակցութիւնը հնարաւոր է միայն ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի բանաձեւի առկայութեան պարագային, որ պիտի ապահովէ առաքելութեան միջազգային օրինականութիւնը։
Նախաձեռնութիւնը կը նախատեսէ բազմազգ ուժերու ստեղծում՝ անվտանգութիւնն ապահովելու, մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու եւ նոր հակամարտութիւնը կանխելու համար։ Միացեալ Նահանգները զօրքեր պիտի չուղարկէ, բայց պիտի ձեւաւորէ գործընկերներու դաշինք, որոնց մեջ կը քննարկուի նաեւ Ատրպէյճանի մասնակցութիւնը։
Պաքուն կը համակարգէ իր գործողութիւններն Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան եւ Արաբական լիկայի հետ՝ ընդգծելով, որ արաբական երկիրները պէտք է իրենք որոշեն Կազայի ապագան։