image
Հրատապ լուրեր:

Պաքէրի Քանի հասած է Տոհա. Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին Քաթարի մէջ

Պաքէրի Քանի հասած է Տոհա. Իրան-ԱՄՆ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին Քաթարի մէջ

Այսօր՝ Երեքշաբթի, Քաթարի մէջ Իրանի դեսպան Համիտ Ռեզա Տեհղանին ողջունած է Իրանի գլխաւոր բանակցող Ալի Պաքէրի Քանին եւ անոր ուղեկցող պատուիրակութեան ժամանումը Տոհա։

Ան Թուիթըրով ըսած է. «Հեռու նախապաշարումներէ, հոռետեսութենէ կամ անիրատեսական լաւատեսութենէ՝ մենք անոր յաջողութիւն կը մաղթենք այս առաքելութեան մէջ՝ ի շահ Իրանի հզօր ժողովուրդին»:

Երէկ «ԻՐՆԱ» լրատուական գործակալութիւնը, յղում ընելով Իրանի ա

Արտաքին գործոց նախարարութեան աղբիւրին, յայտնած էր, որ Տոհայի մէջ պիտի վերսկսին Իրանի միջուկային համաձայնագրի վերականգնման շուրջ բանակցութիւնները՝ Քանիի մասնակցութեամբ։

Աւելի վաղ Իրանի միջուկային խումբի լրատուական խորհրդական Մոհամմատ Մարանտին ըսած էր, որ Քաթարը կրնայ անուղղակի բանակցութիւններ վարել Իրանի եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ, ընդգծելով, որ «կարիք չկայ, որ 1+4 խումբի անդամները ներկայ ըլլան անուղղակի բանակցութիւններուն ժամանակ»։

Ան նշած է, որ բանակցութիւնները պիտի քննարկեն Թեհրանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ առկախ մնացած հարցերը, եւ երբ անոնց շուրջ փոխըմբռնում ձեռք բերուի, «կողմերը պիտի հանդիպին Վիեննայի մէջ՝ համաձայնագիր ստորագրելու համար»։

Մի քանի օր առաջ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխանատու Ժոզեփ Պորէլ յայտնեց, որ Իրանի եւ միջազգային տէրութիւններու միջեւ միջուկային համաձայնագրի վերականգնման շուրջ բանակցութիւններու նոր փուլը կրնայ կայացուիլ Ծոցի երկիրներէն մէկուն, այլ ոչ թէ Վիեննայի մէջ, ինչպէս նախորդ փուլերուն։