10 Օգոստոսին, Նոր Արէշ 15-րդ փողոցի շէնքերէն մէկուն բակին մէջ յայտնաբերուած է տղամարդու դի: Այս մասին կը յայտնէ shamshyan.com-ը։
Դէպքի մասին ոստիկանութեան Էրեբունիի բաժին ահազանգ ստացուած է:
Ոստիկանները, պարեկներն ու քննիչները նշուած շէնքի բակին մէջ յայտնաբերած են նոյն շէնքի բնակիչ, 39-ամեայ Մ. Շ.-ի դին: Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ վերջինս ինքնասպանութիւն գործած է՝ նշուած շէնքի իր բնակարանի պատուհանէն վար նետուելով:
Դէպքի փաստով քննչական բաժնէն ներս քրէական վարոյթ նախաձեռնուած է: