image

ՆԱԹՕ գագաթաժողովի նախօրէին՝ Զելենսքի-Սթոլթընպըրկ հեռախօսազրոյց

ՆԱԹՕ գագաթաժողովի նախօրէին՝ Զելենսքի-Սթոլթընպըրկ հեռախօսազրոյց

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին ՆԱԹՕ-ի մատրիտեան գագաթաժողովի նախօրէին բանակցութիւններ վարած է դաշինքի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկի հետ:

«Հեռախօսազրոյց ունեցած եմ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Ենս Սթոլթընպըրկի հետ: Մենք համաձայնեցուցած ենք դիրքորոշումները ՆԱԹՕ-ի մատրիտեան գագաթաժողովի նախօրէին: Ես մատնանշեցի Ուքրանիոյ համար հզօր հակահրթիռային պաշտպանութեան համակարգի կարեւորութիւնը ռուսական ահաբեկչութիւնները կանխելու համար», գրած է Զելենսքին Թուիթըրով:

Աւելի վաղ Սթոլթընպըրկ յայտնած էր, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու ղեկավարները Մատրիտի մէջ կայանալիք գագաթաժողովում պիտի որոշեն Ուքրանիոյ օգնութեան փաթեթ տրամադրել ռուսական ներխուժման դէմ պայքարին մէջ: