Չորեքշաբթի լուսադէմին, Նապլոսի մէջ` Եուսէֆի գերեզմանի տարածքին, 16-ամեայ պաղեստինցի պատանի մը՝ Ղայս Ռաֆիք Եամին սպաննուած է իսրայէլացիներու կողմէ արձակուած փամփուշտէ:
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացած է Al Mayadeen կայանէն։
Տասնեակ վերաբնակիչներ փամփուշտներով յարձակած են պաղեստինցիներու վրայ Նապլոսի Հաուարա քաղաքին մէջ` իսրայէլեան զօրքերու պաշտպանութեան ներքոյ: Կան մեծ թիւով վիրաւորներ, քանդուած ինքնաշարժներու, խանութներու եւ մասնաւոր գոյքի կողքին:
Նապլոս քաղաքի` Եուսէֆի դամբարանի շրջակայքին, իսրայէլացիներու հետ առճակատման ժամանակ վիրաւորուած է մօտ 41 երիտասարդ:
Կարմիր մահիկը յայտնած է, որ իսրայէլեան զօրքը կազային ձեռնառումբերով յարձակած է Կարմիր մահիկի շտապօգնութեան անձնակազմին վրայ, երբ անոնք պարագայ մը կը տեղափոխէին:
Դիմադրութեան մարտիկները Նապլոսի յարձակման ժամանակ կրակած են իսրայէլեան զօրքի զրահասարքերոուն վրայ, մինչդեռ երիտասարդները քարերով դէմ դրած են իսրայէլեան ուժերին եւ վերաբնակիչներուն, երբ անոնք ներխուժած են Նապլոսի մի քանի քաղաքներ, այդ շարքին` Ուրիֆ եւ Հաուարա:
Վերաբնակիչները ներխուժած են Նապլոսի մէջ գտնուող Եուսէֆի գերեզմանը` իսրայէլեան զօրքի հսկողութեան ներքոյ, այն պատրուակով, որ այդ մարգարէ Եուսէֆ Իպն Եագուպի գերեզմանն է, ինչ որ կը հերքուի պաղեստինցիներուն կողմէ: Ըստ անոնց այդ սրբավայրը համեմատաբար ժամանակակից է, ոչ աւելի քան 200 տարի, եւ կը պատկանի իսլամ տղամարդու մը՝ Եուսէֆ Տուէյքաթ անունով, որ նախապէս ապրած է այդ տարածքին մէջ: