image

Նախարար Պապոյեան հանդիպած է իր թուրք գործընկերոջ հետ

Նախարար Պապոյեան հանդիպած է իր թուրք գործընկերոջ հետ

Տնտեսութեան նախարար Գէորգ Պապոյեան յայտնած է.-

Իսթանպուլում հանդիպեցի Թուրքիայի գիւղատնտեսութեան եւ անտառտնտեսութեան նախարար Իպրահիմ Եումաքլիի հետ։

Երկուստեք կարեւորեցինք Հայաստան-Թուրքիա կանոնաւոր շփումները եւ վերահաստատեցինք երկխօսութիւնը շարունակելու պատրաստակամութիւնը։

Իր հերթին Թուրքիայի նախարարը բարձր գնահատեց ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի վերջին այցելութիւնը Թուրքիա՝ ընդգծելով դրա դրական ազդեցութիւնը երկկողմ յարաբերութիւնների զարգացման համար։

Քննարկեցինք Կարս–Գիւմրի երկաթուղային հաղորդակցութեան վերաբացման հնարաւորութիւնները, TRIP ծրագրի միջոցով առաջացող տնտեսական, լոգիստիկ եւ առեւտրային նոր հնարաւորութիւնները երկու երկրների համար։

Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուած է շուկաներու բազմազանութեան, լոգիստիկ նոր ուղիներու ձեւաւորման, փոխադարձ տնտեսական հետաքրքրութիւններու ընդլայնման հնարաւորութիւններուն։

Քննարկուած են նաեւ գիւղատնտեսութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր, մասնաւորապէս՝ գիւղապահովագրութեան, կարկտահարութեան եւ կենդանիներու հիւանդութիւններու դէմ համատեղ պայքարի վերաբերեալ։

Հանդիպման  մասնակցած է նաեւ BSEC-ի (Black Sea Economic Cooperation) մէջ ՀՀ-ի մշտական ներկայացուցիչ Նաիրի Պետրոսեան։