image

Ֆրեզնոյի մէջ. Մուսա Լերան Նահատակներու Յուշակոթողի կառուցումը կը մօտենայ իր աւարտին

 Ֆրեզնոյի մէջ. Մուսա Լերան Նահատակներու Յուշակոթողի կառուցումը կը մօտենայ իր աւարտին

1915-ին, Հայոց ցեղասպանութեան մահասարսուռ օրերուն Մուսա Լեռը ունեցաւ իր ադամանդեայ փայլատակումները: Շրջանի հայկական եօթը գիւղերու ամբողջ ժողովուրդը, վստահելով միայն իր սեփական ուժին լեռ բարձրացաւ` ի խնդիր իր արժանապատուութեան պահպանման, վստահելով հայօրէն ապրելու իր կամքին:

Հազարաւոր մուսալեռցիներ առաւել քան 40 օրեր խիզախօրէն դիմադրեցին թշնամիի յարձակումներուն եւ վերջապէս պարտութեան մատնեցին թրքական կանոնաւոր բանակը:

Մուսալեռցիները ունեցան 18 հերոս նահատակներ, որոնց յիշատակին գաղթականներու տունդարձէն ետք, Տամլըճագի մէջ կանգնեցաւ պատկառելի յուշակոթող մը, որուն կրկնօրինակն է Ֆրեզնոյի այս յուշակոթողը:

Յուշակոթողին ծրագիրը մարմին ստացաւ մօտաւորապէս երկու տարիներ առաջ` շնորհիւ հայրենակիցներու եւ հայորդիներու սրտաբուխ նուիրատուութիւններուն:

Անիկա կանգնած է Ֆրեզնոյի «Արարատ» գերեզմանատան մէջ:

Աշխատանքը յանձն առած է յանձնախումբ մը, որուն ատենապետն է Նշան Տէր Գալուստեան, ատենադպիրը` Մարտիկ Չանչանեան, գանձապահը` Արա Քարքազեան, իսկ Պօղոս Չանչանեան շինարարական եւ Յովիկ Քէրքէզեան` օգնականներ ու խորհրդականներ: Շնորհիւ այս 5 անդամներուն անխոնջ եւ հետեւողական աշխատանքին` յուշարձանին կառուցումը արդէն կը մօտենայ իր աւարտին:

Ցարդ իրականացած աշխատանքին ծախսերը ապահովուած են: Յանձնախումբը շնորհակալ է բոլոր աջակցողներուն:

Վերջին աշխատանքներուն իրականացման համար նուիրատուութիւններ կարելի է յղել հետեւեալ հասցէին` Mousa Ler Fresno «Monument», P.O.Box 26625 Fresno Ca. 93729:

Կարելի է կապ պահել նաեւ հեռաձայնելով 559-824-5585 թիւին:

 

 

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն